2013-04-16 10:02:33

Ահաբեկչական Յարձակում Մը Կը Ցնցէ Պոսթընը. Երկու Պայթումներ` Պոսթընի Մարաթոնին Ընթացքին. 8 Զոհ Եւ Տասնեակ Մը Վիրաւորներ:


11 սեպտեմբեր 2000 թուականի ահաբեկչական յարձակումները յիշեցնող իրադարձութեամբ մը, երէկ Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի մարաթոնին ընթացքին, մարաթոնի եզրագիծին մօտ քանի մը երկվայրկեաններու տարբերութեամբ տեղի ունեցան երկու ահաբեկչական պայթումներ:
Հազարաւոր հանդիսատեսներու եւ մարզիկներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մարաթոնին ընթացքին պատահած պայթումները խլեցին 8 զոհ եւ պատճառեցին տասնեակ մը վիրաւորներ: Երէկ կէս գիշերին «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը երկու է, իսկ վիրաւորներունը` 100-է աւելի:
Պոսթընի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց վիրաւոր սէուտցի մը, որ կը կարծուի ահաբեկչական յարձակման կասկածելիներէն մէկը ըլլալ: Ան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ ապահովական խիստ հսկողութեան տակ առնուեցաւ:
Պոսթընի պայթումը պատճառ դարձաւ, որ Նիւ Եորքի մէջ ապահովական միջոցառումները աւելի խստանան: Նախագահ Պարաք Օպամա հրահանգեց պայթումներուն հետ կապուած համապատասխան միջոցառումներ որդեգրելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.